«Ուքրանիան պատրաստ չէ Ռուսաստանին զիջելու Տոնպասի այն տարածքները, որոնք ռուսական զօրքերը չեն կրցած գրաւել, նոյնիսկ եթէ անոր դիմաց առաջարկուի խաղաղութեան համաձայնագիր»։
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի այս մասին յայտնած է Դանիա կատարած այցի ծիրէն ներս կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։
Անոր խօսքով՝ Ուքրանիոյ վրայ ճնշում գործադրելը եւ Տոնպասէն հեռանալ պահանջելը բանակցութիւններ վարելու ամենադիւրին ճանապարհներն են, սակայն Քիեւ պատրաստ չէ նման համաձայնութեան, քանի որ չի վստահիր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։
Զելենսքի շեշտած է, որ Ուքրանիոյ անհրաժեշտ են ապահովութեան յստակ երաշխիքներ՝ նշելով, որ անոնց ապահովման հարցին մէջ կարեւոր է ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի միասնական դիրքորոշումը։
Ան նաեւ յայտնած է, որ Ուքրանիան կ՚ակնկալէ վերականգնել ԱՄՆ-ի անմիջական աջակցութիւնը, մասնաւորապէս՝ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարումներու հարցին մէջ։ Զելենսքիի խօսքով՝ ներկայիս եւրոպական ֆինանսաւորմամբ Ուքրանիան հնարաւորութիւն ունի ձեռք բերելու ամերիկեան սպառազինութիւն։
Անդրադառնալով ԱՄՆ ներկայացուցիչներ Ճարըտ Քուշնըրի եւ Սթիվ Ուիթքոֆի հետ շփումներուն, Զելենսքի նշած է, որ անոնց յայտարարութիւններուն մէջ որոշակի փոփոխութիւններ նկատած է։
Ան շեշտած է, որ Տոնպասի հարցը միայն տարածքային կամ քառակուսի քիլոմեթրերու խնդիր չէ, այլեւ առաջին հերթին կը վերաբերի հոն ապրող մարդոց, անոնց տուներուն եւ ճակատագրերուն։