ՀՀ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Այցելած Է Պոլսոյ Գարակէօզեան Վարժարանը

հեղինակ՝
11 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Աշխատանքային այցով Պոլիս գտնուող՝ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այցելած է Գարագէօզեան հայկական վարժարան, որ աւելի քան մէկ դար կարեւոր դերակատարութիւն ունի տեղի հայ համայնքի կրթական կեանքին մէջ։

Զարեհ Սինանեան հանդիպած է վարժարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ վարչական կազմի ներկայացուցիչներուն հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շուրջ 220 աշակերտ ունեցող կրթօճախի գործունէութեան, կրթական գործընթացի կազմակերպման եւ զարգացման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր։

Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Պոլսոյ հայ համայնքի կրթական կեանքի առանձնայատկութիւններուն, հայկական կրթական հաստատութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տեղի հայ համայնքի միջեւ կրթական ու մշակութային կապերու ամրապնդման եւ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն։

Զարեհ Սինանեան ընդգծած է հայկական կրթական հաստատութիւններու առանցքային նշանակութիւնը հայապահպանութեան, ազգային եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման, հայոց լեզուի ու մշակութային ժառանգութեան փոխանցման, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդի հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ՝ կարեւորելով անոնց գործունէութեան շարունակականութեան ապահովումը, կրթական ներուժի զարգացումն ու Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդումը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss