Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Քաղաքացիական Հասարակութեան ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին Երեւանի մէջ

հեղինակ՝
16 Նոյեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ մինչեւ ընթացիկ տարուան աւարտը։

Այս մասին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն յայտնած է «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ատրպէյճանական կողմի համակարգող, Միջազգային յարաբերութիւններու եւ բազմամշակութայնութեան վերլուծական կեդրոնի վարչութեան նախագահի տեղակալ Ֆարհատ Մամետով։

Անոր խօսքով՝ հանդիպումը պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss