Որքա՞ն Փոխուած Է Հայաստանի Բնակչութեան Թիւը

հեղինակ՝
15 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Հայաստանի մշտական բնակչութեան թուաքանակը այս տարուայ Հոկտեմբեր 1-ի դրութեամբ կազմած է 3 միլիոն 111 հազար 200 մարդ։ 2025 թուականի նոյն ժամանակահատուածին համեմատութեամբ բնակչութեան թիւը աւելցած է 20 հազար 700-ով։

Աճ արձանագրուած է թէ՛ քաղաքային, թէ՛ գիւղական բնակչութեան շրջանակին մէջ։ Քաղաքային բնակչութեան թիւը աւելցած է 9 հազար 400-ով՝ հասնելով 1 միլիոն 986 հազար 800-ի, իսկ գիւղական բնակչութեան թիւը աճած է 11 հազար 300-ով՝ կազմելով 1 միլիոն 124 հազար 400 մարդ։

Բնակչութեան ամենամեծ թուային աճը արձանագրուած է մայրաքաղաքին մէջ։ Երեւանի բնակչութիւնը աւելցած է 6 հազար 700-ով՝ հասնելով 1 միլիոն 151 հազար 400-ի։

Մարզերու շարքին մէջ առաջատարը Կոտայքն է․ հոս բնակչութեան թիւը աճած է 4 հազար 500-ով՝ կազմելով 300 հազար 600 մարդ։

Միեւնոյն ժամանակ, որոշ մարզերու մէջ բնակչութեան թուաքանակը նուազած է։ Ամենամեծ նուազումը արձանագրուած է Վայոց ձորին մէջ, ուր բնակչութեան թիւը մէկ տարուայ ընթացքին պակսած է 300-ով՝ կազմելով 49 հազար 300 մարդ։ Լոռիի մարզին մէջ եւս նուազում արձանագրուած է՝ 200-ով։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss