Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փնոմ Փենի մէջ մասնակցած է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի լիագումար նիստերուն։
Քննարկուած եւ հաստատուած են գագաթաժողովի օրակարգային հարցերը, նախագիծերն ու ընթացակարգերը։ Յաջորդիւ Ֆրանքոֆոնիայի կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի նախագահը հանդէս եկած է զեկոյցով՝ նախարարական համաժողովի նստաշրջանի աշխատանքներուն վերաբերեալ։ Ներկայացուած է նաեւ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի գործունէութեան վերաբերեալ հաշուետուութիւնը։
Լիագումար նիստի ծիրին մէջ քննարկուած են խաղաղութեան նուիրուած հարցեր։ Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ տեղի ունեցող գործընթացներուն։