Վրաստանի իշխանութիւնները հրաժարած են մասնակցելէ 16 Նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Եւրոմիութեան ընդլայնման հարցերով գագաթաժողովին։ Պատճառն այն է, որ կազմակերպիչները երկիրը հրաւիրած են ներկայացուած ըլլալ միայն ԵՄ-ի մէջ Վրաստանի դեսպանի մակարդակով։ Այս մասին յայտնած է Վրաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը։
«Վրաստանը 16 Նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք միջոցառման, այդ կարգին՝ կապերու ամրապնդման հարցերով նախարարական գագաթաժողովին մասնակցելու համապատասխան մակարդակի հրաւէր չէ ստացած։ Հետեւաբար, Վրաստանի ներկայացուցիչը նշուած հանդիպման պիտի չմասնակցի»,- ըսուած է Վրաստանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, գերատեսչութենէն նշած են, որ Վրաստանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Եւրոմիութեան հետ կառուցողական համագործակցութեան եւ պատրաստ է մասնակցելու հանդիպումներուն՝ համապատասխան մակարդակով հրաւէր ստանալու պարագային։ ԱԳՆ-ի խօսքով՝ Պրիւքսէլին յայտնի է Թիֆլիսի դիրքորոշումը։
ԵՄ ընդլայնման հարցերով համագումարը պիտի կայանայ «Ընդլայնուած Եւրոպա՝ ուժեղ Եւրոպա» կարգախօսով։ Միջոցառման կազմակերպիչը ԵՄ ընդլայնման հարցերով եւրոյանձնակատար Մարթա Քոսն է։