Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Չեռնոգորիայի պաշտպանութեան նախարար Տրական Քրափովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արման Սարգսեանի ուղեկցութեամբ։
Հիւրերը դիմաւորած եւ այցի ընթացքին ուղեկցած է ՀՑԹՀ-ի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեանը։ Ան նախարարին համառօտ պատմած է Հայոց ցեղասպանութեան որոշ դրուագներու մասին, տեղեկութիւն ներկայացուցած է Յուշահամալիրի, ինչպէս նաեւ թանգարան-հիմնարկի եւ անոր գործունէութեան մասին։

Տրական Քրափովիչ ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Չեռնոգորիայէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները շրջած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ուր ՀՑԹՀ թանգարանային աշխատանքներու մասով փոխտնօրէն Լուսինէ Ապրահամեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած են թանգարանի մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։
Շրջայցի աւարտին պատուիրակութեան ղեկավարը գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։
Աւարտին ՀՑԹՀ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան շնորհակալութիւն յայտնած է այցելութեան համար եւ Տրական Քրափովիչին նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի պատկերագիրքը։