Երեւանի Մատենադարանին եւ Մխիթարեան Միաբանութեան համագործակցութեամբ, յաջողութեամբ կը յառաջանան Ս. Ղազար Մխիթարեան Մայրավանքի ձեռագրերու հաւաքածոյի մշտադիտարկման եւ վերականգնման աշխատանքները։

Մատենադարանի գլխաւոր վերանորոգող մասնագէտներ` Արտաւազդ Այվազեան եւ Արթուր Պետրոսեան յատուկէն ժամանած Սուրբ Ղազար, կը գնահատեն ձեռագրերուն պահպանական վիճակը, կը բացայայտեն հաւանական վտանգները եւ կը սահմանեն առաջնահերթ միջամտութիւնները՝ կարելիութեան պարագային զանոնք տեղւոյն վրայ կատարելով:
Միաժամանակ կը հաւաքագրուին անհրաժեշտ մասնագիտական տուեալներ՝ հետագայ աշխատանքներուն եւ ծրագրերու մշակման համար։
Այս նախաձեռնութիւնը Մատենադարանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան մաս կը կազմէ։