Հայաստանի Սահմանադրութեան հարցով Պաքուի համար միակ կարեւոր պայմանը Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու վերացումն է. յայտնած է Ատրպէյճանի արտգործնախարար Ճէյհուն Պայրամով։
Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը նախաստորագրուած է Ուաշինկթընի մէջ կայացած պատմական գագաթաժողովի ծիրէն ներս։
Ըստ Պայրամովի՝ Ատրպէյճանը յստակ յայտարարած է՝ վերջնական ստորագրութիւնը պիտի դնէ միայն մէկ պայմանով. Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները պէտք է վերացուին։
«Սա Հայաստանի ներքին գործընթացն է, եւ մենք չենք կրնար որոշել, թէ երբ ան տեղի պիտի ունենայ։ Չեմ ուզեր մեկնաբանել այսօր հրապարակուած Հայաստանի Սահմանադրութեան նախագիծը։ Ատիկա Հայաստանի ներքին հարցն է։ Մեզի համար միակ կարեւոր հարցը այն է, որ նոր Սահմանադրութիւնը Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չպարունակէ։ Հրապարակուած բնագրին համաձայն՝ այս պահուն նման իրավիճակ չկայ։ Մենք ատիկա շատ բարձր կը գնահատենք»,- յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը։
Պայրամովի խօսքով՝ Ատրպէյճանը պիտի հետեւի Հայաստանի Սահմանադրութեան հետ կապուած զարգացումներուն։ Ան աւելցուցած է, որ փաստաթուղթին մէջ համապատասխան փոփոխութիւններ կատարելէ ետք արդէն ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրման համար յաւելեալ խոչընդոտներ պիտի չըլլան։