Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Խաղաղութեան առաքելութիւններու հարցերով ԱՄՆ հատուկ բանագնացի աւագ խորհրդական Արիէ Լայթսթոնը։
Վարչապետը կարեւորեց Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութեան հետեւողական խորացումը եւ նշեց, որ անոր էապէս պիտի նպաստէ TRIPP նախագիծի իրականացումը, որուն գործնական փուլը տրուեցաւ այսօր։ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ապահովման ուղղուած քայլերու իրականացման գործին մէջ ընդգծեց ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի դերը։
Արիէ Լայթսթոն վարչապետ Փաշինեանին փոխանցեց ԱՄՆ Ազգային աղօթքի նախաճաշին մասնակցելու եւ նախագահ Թրամփի հետ հանդիպման հրաւէրը։ Խաղաղութեան առաքելութիւններու հարցերով ԱՄՆ յատուկ բանագնացի աւագ խորհրդականը նշեց, որ ՀՀ վարչապետին եւ ԱՄՆ նախագահին հանդիպումը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ ՀՀ-ԱՄՆ բազմոլորտ կապերուն եւ անոնց հետագայ զարգացման։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներու եւ զարգացումներու շուրջ։