Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մէջ, տեղի ունեցած է Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած Հայ լեզուաբանութեան 13-րդ միջազգային գիտաժողովի (ICAL13) եզրափակիչ նիստը։
Գիտաժողովը 18-20 Նոյեմբերին կայացած է Փարիզի մէջ եւ կազմակերպուած է Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին (INALCO) կողմէ՝ SeDyL հետազօտական կեդրոնի, Հայագիտական ընկերութեան եւ այլ գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ։
Նիստը վարած է INALCO-ի մէջ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու պատասխանատու, փրոֆեսոր Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսը։
Նիստի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Խաչատրեանը։ Ան ընդգծած է Աճառեանի գիտական ժառանգութեան բացառիկ նշանակութիւնը եւ անդրադարձած է հայ լեզուաբանութեան ու բարբառագիտութեան զարգացման գործին մէջ անոր ունեցած անգնահատելի դերակատարութեան։
Դեսպանը խօսած է նաեւ Աճառեանի՝ Ֆրանսայի մէջ ապրելու ընթացքին կատարած գործունէութեան մասին, որ կարեւոր հետք թողած է գիտնականի կայացման գործին մէջ։
Ան կարեւորած է հայ-ֆրանսական գիտական կապերու ամրապնդումը, հայոց լեզուի ժառանգութեան պահպանումը եւ զայն ժամանակակից գիտական գործիքներով ուսումնասիրելը։
Ելոյթներ ունեցած են Հրաչեայ Աճառեանի ծոռնուհի Անի Աճառեանը, Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Անուշ Ապրեսեանը եւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Արսէն Վարդանեանը։ Անոնք անդրադարձած են գիտնականի կերպարին դստեր՝ Քնարիկ Աճառեանի յուշերուն մէջ, Աճառեանի փարիզեան գիտական գործունէութեան եւ անոր ժառանգութեան արդիականութեան։
Միջոցառման ներկայ էին նաեւ Փարիզի Սորպոնի համալսարանի պատուաւոր փրոֆեսոր, ակադեմիկոս Շառլ տը Լամպերթրին, անուանի լեզուաբան, փրոֆեսոր Հրաչ Մարտիրոսեանը, INALCO-ի ներկայացուցիչներ, տարբեր երկիրներէ ժամանած ոլորտի մասնագէտներ։