Աշխարհի մէջ կեանքի երկար տեւողութեամբ առաջատարը Մոնաքօն է, ուր այդ ցուցանիշը 86.7 տարի է։ Այս մասին կը վկայէ Worldometer-ի՝ 2026 թուականի կեանքի երկար տեւողութեան երկիրներու վարկանիշը, որ հիմնուած է ՄԱԿ-ի վերջին գնահատումներուն վրայ։
Վարկանիշին համաձայն՝ աշխարհի մէջ կեանքի միջին տեւողութիւնը 73.8 տարի է։ Կանանց պարագային ան 76.4 տարի է, իսկ տղամարդոց՝ 71.2 տարի։ Առաջին տեղը Մոնաքօն է՝ 86.7 տարի ցուցանիշով։ Երկրորդ տեղը Սան Մարինօն է՝ 86 տարի, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՚եզրափակէ Հոնկ Քոնկը՝ 85.9 տարի ցուցանիշով։
Իսկ ի՞նչ դիրքի վրայ է Հայաստանը
Worldometer-ի տուեալներով՝ Հայաստանը վարկանիշին մէջ կը գրաւէ 116-րդ տեղը։ Հայաստանի մէջ կեանքի միջին տեւողութիւնը 76.2 տարի է։ Կանանց պարագային այդ ցուցանիշը 79.9 տարի է, իսկ տղամարդոց՝ 72 տարի։
Յատկանշական է, որ վարկանիշի առաջին հորիզոնականներուն վրայ հիմնականօրէն փոքր եւրոպական պետութիւններ եւ Արեւելեան Ասիոյ երկիրներ են։ Ճափոնը, Հարաւային Քորէան եւ Հոնկ Քոնկը նոյնպէս կ՚առանձնանան կեանքի բարձր սպասուող տեւողութեամբ։