Նիքլաս Վակների Պատուիրակութիւնը Այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

հեղինակ՝
25 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Գերմանիոյ ԱԳ նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով քաղաքական տնօրէն Նիքլաս Վակների գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր։

Հիւրերը դիմաւորած եւ այցի ընթացքին ուղեկցած է ՀՑԹՀ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան։ Ան հիւրերուն պատմած է Հայոց ցեղասպանութեան որոշ դրուագներու մասին, տեղեկութիւն ներկայացուցած է Յուշահամալիրի, ինչպէս նաեւ թանգարան-հիմնարկի եւ անոր գործունէութեան մասին։ 

Գերմանիայէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Անոնք շրջած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ուր ՀՑԹՀ ցուցադրող Մէրի Եղիկեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած են թանգարանի մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։

Շրջայցի աւարտին պատուիրակութեան ղեկավարը գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։

Աւարտին, ՀՑԹՀ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան շնորհակալութիւն յայտնած է այցելութեան համար եւ պարոն Նիքլաս Վակներին նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի պատկերագիրքը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss