Արթուր Դաւթեանը՝ Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան

հեղինակ՝
25 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Ողիմպիական փոխախոյեան եւ պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի եռակի ախոյեան, աշխարհի քառակի բաժակակիր Արթուր Դաւթեան մարզական ասպարէզին մէջ երկրորդ անգամ նուաճած է աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը։

Հոլանտայի Ռոթերտամ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութեան Արթուր Դաւթեան անգերազանցելի եղած է յենացատկի վարժութեան մէջ։

Հայաստանի առաջատար մարմնամարզիկը աւարտականին երկու փայլուն ցատկերու արդիւնքով վաստակած է ամենաբարձր՝ 14.850 միաւորը։

Աշխարհի կրկնակի ախոյեանը որակաւորման փուլը յաղթահարած էր 14.633 միաւորով եւ երկրորդ տեղէն դուրս եկած էր աւարտական։

Արթուր Դաւթեան նախորդ անգամ աշխարհի ախոյեան դարձած էր 2022-ին։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss