Հայկական Ծիրանը, Կեռասը, Դեղձը, Նեկտարինը եւ Ելակը Կ՚արտահանուին Օման

հեղինակ՝
25 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է դէպի Օման հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքի արտահանման։ «Օմանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը համեմատաբար նոր է, անոր պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ այս տարուան Մարտին, եւ այդ պահէն իվեր աշխոյժ աշխատանքներ տարուած են տնտեսական կապեր հաստատելու ուղղութեամբ»,- նշած է նախարարը։

«Յուլիսէն մինչեւ Սեպտեմբեր Հայաստանէն Օման արտահանուած է ծիրան, կեռաս, դեղձ, նեկտարին եւ ելակ։ Թէեւ անոնք փորձնական՝ փոքր խմբաքանակներ եղած են, այդ միրգերը վաճառուած են Օմանի խոշորագոյն՝ «Լուլու» մեծ առեւտրային կեդրոններու ցանցին մէջ, ինչպէս նաեւ «Սուհոլ Ալ Ֆայա» ցանցին մէջ։ Յատկանշական է, որ հայկական միրգերը ներկայացուած եւ վաճառուած են բարձրորակ արտադրանքի հատուածին մէջ։ Կը կարծեմ՝ սա կարեւոր փաստ է»,- ընդգծած է Արարատ Միրզոյեան։

Նախարարը յայտնած է, որ արդէն Օմանէն ընկերութիւններ կ՚այցելեն Հայաստան, կապեր կը հաստատուին, պայմանագրեր կը կնքուին. «Կրնանք վստահ ըսել, որ յառաջիկային արտահանման ծաւալները պիտի մեծնան։ Կը նախատեսուի արտահանել նաեւ հատապտուղներ, այլ միրգեր, խնձոր եւ խաղող»։

Արարատ Միրզոյեան նշած է նաեւ, որ Օմանը միակը չէ հայկական ընկերութիւններու համար բացուող նոր շուկաներու շարքին մէջ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss