ԱԺ-ն Ընդունեց ԹՐԻՓՓ-ի Վերաբերեալ Ռազմավարական Համագործակցութեան Մասին Շրջանակային Համաձայնագիրը Վաւերացնելու Նախագիծը

հեղինակ՝
28 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Ազգային ժողովը 28 Հոկտեմբերի նիստին ընդունեց առաջին եւ երկրորդ ընթերցումով քննարկուած նախագիծեր, ինչպէս նաեւ համաձայնագրր վաւերացնելու մասին նախագիծեր։

Խորհրդարանը ընդունեց նաեւ Կառավարութեան ներկայացուցած՝ ՀՀ-ի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի (ԹՐԻՓՓ) վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը վաւերացնելու նախագիծը։ Ըստ ՀՀ ԱԳՄԱ նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ բոլոր այն ենթակառուցուածքները, որոնք պիտի գործեն ՀՀ տարածքին մէջ, որեւէ կերպով պիտի չխաթարեն տարածքային ամբողջականութիւնը, պիտի գործեն ամբողջութեամբ ՀՀ-ի ինքնիշխանութեան ներքոյ եւ իրաւազօրութեան շրջանակին մէջ։

Նախագիծը ընդունուեցաւ 63 կողմ, 32 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներով։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss