Իլ տը Ֆրանս Տարածաշրջանի Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

հեղինակ՝
28 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

25 Հոկտեմբերին Իլ տը Ֆրանս տարածաշրջանի պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին բնապահպանական անցումի, կլիմայի եւ կենսաբազմազանութեան հարցերով փոխնախագահ Յան Վերլինկ, Եւրոպական եւ միջազգային ռազմավարութիւններու վարչութեան գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Սետրիք Կիյոն-Լաւոքա եւ Շրջակայ միջավայրի, գիւղատնտեսութեան, գիւղական գործերու եւ բնապահպանական անցումի վարչութեան տնօրէնի տեղակալ Մակալի Շարմէն։

Հիւրերը դիմաւորած է ՀՑԹՀ-ի թանգարանային աշխատանքներու մասով փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան։ Ան ներկայացուցած է Յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, ճարտարապետական առանձնայատկութիւններն ու նշանակութիւնը։

Յան Վերլինկ ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Ֆրանսայէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները այցելած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան եւ ՀՑԹՀ-ի աւագ զբօսավար Յասմիկ Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած են թանգարանի մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։

Շրջայցի աւարտին պատուիրակութեան ղեկավար գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss