ԱՄՆ զինեալ ուժերը Իրանի դէմ պատերազմի ընթացքին արդէն աւելի քան 47 միլիառ թոլար ծախսած են․ կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Փենթակոնի տուեալները։ Կը նշուի, որ ծախսերու այս գնահատականը աւելի քան 25 տոկոսով կը գերազանցէ ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Յուլիսին ներկայացուցած գնահատականը։
Իրանի դէմ պատերազմի աճող ծախսերուն մասին տեղեկութիւնները հրապարակուած են ԱՄՆ-ի մէջ 3 Նոյեմբերին կայանալիք միջանկեալ ընտրութիւններու նախաշէմին։ Հանրապետականները կը փորձեն յաղթահարել ժողովրդականութիւն չվայելող հակամարտութեան քաղաքական հետեւանքները։ Ընտրութիւններուն արդիւնքով պիտի որոշուի, թէ որ ուժը պիտի վերահսկէ գոնկրէսը առաջիկայ երկու տարիներուն։
Պատերազմին ազդեցութիւնը համաշխարհային ուժանիւթակիրներու գիներուն վրայ նուազեցուցած է Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուներուն աջակցութիւնը եւ վատթարացուցած՝ ԱՄՆ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի գործունէութեան հաւանութեան վարկանիշը։ Թրամփի Հանրապետական կուսակցութիւնը գոնկրէսի երկու պալատներուն մէջ ալ փոքր մեծամասնութիւն ունի։
Փենթակոնի վերջին գնահատականը կը ներառէ պատերազմի ընթացիկ ծախսերը։ Բացի ատկէ, հակամարտութեան ընթացքին գործածուած զինամթերքի պաշարները վերականգնելու համար աւելի քան 29 միլիառ տոլար պիտի պահանջուի։
Ռազմական արհեստագիտութիւնը փոխարինելու եւ այսպէս կոչուած՝ ռազմական արհեստագիտութեան կորուստները լրացնելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ աւելի քան 6 միլիառ տոլար։ Անոնց շարքին են օդային սարքերը, այդ կարգին՝ պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած բազմաթիւ անօդաչու թռչող սարքերը։