Մեր Վերադարձը ՀԱՊԿ Չենք Տեսներ. Միրզոյեան

հեղինակ՝
28 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

«Մենք վաղուց իվեր մեր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն դադրեցուցած ենք, անդամութիւնը սառեցուցած ենք»։

Այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ Սլովենիոյ արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարարին հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ պատասխանելով հարցումի, թէ արդեօք Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու որոշում ունի՞։

«Եթէ կառոյցի միւս անդամները եւ գլխաւոր քարտուղարութիւնը (թէեւ չեմ գիտեր՝ ինչքան իրաւասութիւն ունի քարտուղարութիւնը այդ հարցով առհասարակ) մեկնաբանութիւններ կ՚ընեն, իզուր, մենք մեր վերաբերմունքը պիտի չփոխենք եւ մեր վերադարձը ՀԱՊԿ չենք տեսներ»,- շեշտեց ան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss