Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Սլովենիոյ Հանրապետութեան արտաքին եւ եւրոպական հարցերու նախարար Թոնէ Քայզերը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Սլովենիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան խորացման առնչուող հարցեր։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Թոնէ Քայզեր կարեւորած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը եւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնումը՝ այդ առումով շեշտելով բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տնտեսութեան, արհեստագիտութիւններու եւ ներդրումներու ոլորտներուն մէջ կապերու զարգացման։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ խորացման առնչուող հարցեր, անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերուն։ Այս առումով կարեւորուած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման միտուած նախագիծերու իրականացումը եւ փոխադրութեան կապերու զարգացումը։