ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտնած է, որ Վենեսուելան ապագային կրնայ դառնալ Միացեալ Նահանգներու 51-րդ նահանգը՝ մատնանշելով երկու երկիրներուն միջեւ քարիւղի ոլորտին մէջ աճող համագործակցութիւնը։
Թրամփի խօսքով՝ ամերիկեան ներդրումները Վենեզուելայի մէջ նոր աշխատատեղեր կը ստեղծեն այնպիսի ծաւալներով, որոնք տակաւին մէկ տարի առաջ դժուար էր պատկերացնել։ Ան նաեւ նշած է, որ քարիւղի արդիւնահանման աճը կրնայ նպաստել երկրի բարգաւաճման։
ԱՄՆ նախագահը կրկնած է իր առաջարկը՝ աւելցնելով, որ ապագային Վենեզուելան նախագահ ունենալու փոխարէն կրնայ ղեկավարուիլ նահանգապետի կողմէ։