Ամերիկեան հեռուստաաստղ եւ գործարար Քիմ Քարտաշեան յայտնած է, որ յաճախ իրեն կ՚առաջարկեն զբաղիլ քաղաքականութեամբ եւ յաւակնիլ պետական պաշտօնի։
Այս մասին ան պատմած է Ճոնաթան Վան Մեթըրի՝ «Citizen Kim: The Woman Who Created the Future» նոր գիրքին համար տուած հարցազրոյցին մէջ։ Քարտաշեանի խօսքով՝ քաղաքականութիւն մտնելու առաջարկները աւելի յաճախ հնչած են ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի մասնակցութեամբ լայն քննադատութեան արժանացած հեռուստաբանավէճէն ետք։
Այնուամենայնիւ, Քարտաշեան նշած է, որ նախ կը փափաքի աւարտել իրաւաբանական կրթութիւնը եւ կեդրոնանալ իր առեւտրային կազմակերպութիւներու կառավարման վրայ։ Ան տակաւին չէ յայտարարած քաղաքական պաշտօնի համար առաջադրուելու որեւէ ծրագրի մասին։