Սահմանադրութեան Դէմ Քուէարկել Պիտի Նշանակէ Դէմ Քուէարկել Խաղաղութեան․ Փաշինեան

հեղինակ՝
29 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

«Սահմանադրութեան դէմ քուէարկելը պիտի նշանակէ դէմ քուէարկել խաղաղութեան, այսինքն՝ կողմ քուէարկել պատերազմին»,- յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացին վերաբերեալ ընդդիմութեան բացասական արձագանգին մասին։

Հարցումին՝ արդեօք Սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք կ՚երաշխաւորուի՞, որ խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրուի, վարչապետը նշած է․ «Ես Սահմանադրութեան հարցին այդ տեսանկիւնէն չեմ նայած։ Ես պէտք է յստակ ձեւակերպեմ առաջարկ, որմէ ընդդիմութիւնը չի կրնար հրաժարիլ․ այդ կը նշանակէ, որ երբ այդ հարցը հնչէ, ես յստակ ըսեմ՝ այո՛, կ՚երաշխաւորեմ, եւ որպէս երաշխիք կը դնեմ իմ քաղաքական վստահելիութիւնս եւ մանտաթս»,- ըսած է ան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss