«Եթէ ես ըսեմ՝ կ՚երաշխաւորեմ, որ նոր սահմանադրութեան ընդունումէն ետք այս ամբողջ պատմութիւնը պիտի աւարտի, ընդդիմութիւնը դէ՞մ պիտի քուէարկէ։ Այդ կը նշանակէ տեղն ու տեղը ոչնչանալ։ Չի կրնար ընդդիմութիւնը դէմ քուէարկել այս իրավիճակին մէջ»,- ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ շեշտելով, որ եթէ ընդդիմութիւնը որոշէ դէմ քուէարկել, քաղաքական գործընթաց պիտի սկսի։
«Տարօրինակ բան պիտի պատահի։ Սովորաբար, եթէ խորհրդարանի առջեւ ընդդիմութիւնն է ցոյց կ՚ընէ, կրնայ այս անգամ իշխանութիւնը ցոյց ընել։ Մէկ անգամ նման բան եղած է»,- նշած է վարչապետը՝ յիշեցնելով 2019-ի Հոկտեմբերի իրադարձութիւնները։
Անոր խօսքով՝ եթէ այդ բեմագիրն ալ չգործէ, այդ պիտի նշանակէ երթալ արտահերթ ընտրութիւններու՝ մէկ պայմանով, երբ 100 առ հարիւրով երաշխաւորուած է, որ այսօրուայ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը յաջորդին պիտի չըլլայ․ «Երէկուայ գործընթացներէն ետք արտահերթ ընտրութիւններու կարիք ըլլալու հաւանականութիւնը ահաւոր պակսած է»,- շեշտած է վարչապետը։