Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած է Եւրոպական յանձնաժողովի գաղթի եւ ներքին գործերու գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Եոհաննէս Լուխների գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ ներքին գործերի նախարար Արփինէ Սարգսեանը եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոսը։
Փոխվարչապետը կարեւորած է վիզաներու ազատականացման գործընթացը՝ որպէս ԵՄ երկիրներու հետ ՀՀ քաղաքացիներու շփումներու, շարժունակութեան եւ կապերու ընդլայնման կարեւոր ուղղութիւն։
Երկուստեք արձանագրուած է վիզաներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագրի իրագործման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը։
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ գաղթի կառավարման համակարգի կատարելագործման՝ ներառեալ անկանոն գաշթի կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ վերադարձի եւ ետընդունման ընթացակարգերու բարելաւման եւ սահմաններու համալիր կառավարման ոլորտին մէջ կատարուող աշխատանքներուն։