Ռուբինեան. Հայաստանի Մէջ Ոչ Ոք Կը Պատրաստուի Ընդունելու «Ալիեւեան Սահմանադրութիւն»

հեղինակ՝
30 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

«Տրամաբանական է, որ ընդդիմութիւնը պէտք է դէմ քուէարկէ ալիեւեան սահմանադրութեան, ուղղակի փոքրիկ նրբութիւն մը կայ՝ Հայաստանի մէջ ոչ ոք կը պատրաստուի ընդունելու «ալիեւեան սահմանադրութիւն»»,- ըսած է Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան՝ անդրադառնալով ընդդիմութեան՝ նոր Սահմանադրութեան դէմ քուէարկելու յայտարարութիւններուն։

ԱԺ նախագահին խօսքով՝ Հայաստանի մէջ առաջարկ կայ ընդունելու նոր Սահմանադրութիւն, որ պիտի քուէարկուի հայ ժողովուրդին կողմէ. «Հայաստանի ժողովուրդը ի բնէ չի կրնար քուէարկել Սահմանադրութեան մը, որ իրը չէ, երբ քուէարկէ, պիտի ըսէ՝ իրենն է։ Ես չեմ հասկնար ո՞րն է տրամաբանութիւնը՝ թոյլ չտալ որ ժողովուրդը որոշէ»,- շեշտած է ԱԺ նախագահը։

Ան վստահեցուցած է, որ բնագիրը չտեսնելով ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, որ ան վատ է. «Հռչակագիրը եւ յղումը հնարաւոր չէ հանել այն պարզ պատճառով, որովհետեւ Սահմանադրութեան բնագին մէջ ոչինչ կայ, որ կը գրուի լրիւ զրոյէն։ Ենթադրենք՝ անոնք դէմ են, ի՞նչը կը խանգարէ անոնց՝ տալ հնարաւորութիւն ժողովուրդին որոշելոու»,- ընդգծած է Ռուբինեան։

Ան նշած է, որ տրամաբանական պիտի ըլլայ, եթէ Սահմանադրութիւնը դրուի քուէարկութեան, եւ եթէ ժողովուրդը մերժէ զայն, ապա քաղաքական նոր իրավիճակ պիտի ըլլայ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss