Թուրքիա Մերժած Է Ատրպէյճանի Խնդրանքը

հեղինակ՝
30 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Թուրքիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը 2026-ին Անկախութեան օրուան առնչութեամբ դիմած է Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան՝ խնդրելով երկրի նշանաւոր կառոյցները լուսաւորել Ատրպէյճանի դրօշի գոյներով, սակայն գերատեսչութիւնը դիմումը նպատակայարմար չէ համարած։ Այս մասին յայտնած է ատրպէյճանական Qafqazinfo-ն։

Նախորդ տարիներուն դեսպանատունը նման խնդրանքով ամէն տարի դիմած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ին, սակայն այս տարի խնդրանքը մերժուած է։

Ըստ յօդուածին՝ թրքական վարչակազմին մէջ առկայ պաղեստինամէտ եւ հակաատրպէյճանական տարրերը զգալի դեր խաղցած են նման որոշումներու կայացման գործին մէջ։

Կայքը կը նշէ նաեւ, որ այս տարի խախտուած է նաեւ դիւանագիտական միջոցառումներուն մասնակցութեան ձեւաւորուած աւանդոյթը․ 28 Մայիսին՝ Ատրպէյճանի Անկախութեան օրուան առիթով Անքարայի մէջ կազմակերպուած միջոցառման Մեծ ազգային ժողովի նախագահին կամ Թուրքիոյ նախագահի օգնականներուն փոխարէն մասնակցած է փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss