Ֆրանսացի Նախարար Մոնիք Պարպիու Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

հեղինակ՝
30 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Ֆրանսայի բնապահպանական անցման, կենսաբազմազանութեան եւ կլիմայի ու բնութեան միջազգային բանակցութիւններու նախարար Մոնիք Պարպիուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 29 Հոկտեմբերին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէի ուղեկցութեամբ: Պատուիրակութեան դիմաւորած է ՀՑԹՀ-ի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեանը։

Մոնիք Պարպիու ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Ֆրանսայէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները այցելած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան եւ ՀՑԹՀ-ի աւագ զբօսավար Յասմիկ Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած են թանգարանի մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն:

Շրջայցի աւարտին պատուիրակութեան ղեկավարը գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։ Վերջը ՀՑԹՀ-ի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան շնորհակալութիւն յայտնած է այցելութեան համար եւ Մոնիք Պարպիուին նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի պատկերագիրքը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss