Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ Անքարա կը զօրակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող շփումներուն եւ պիտի շարունակէ նպաստել տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման։
Էրտողան այս մասին յայտնած է Թիւրքական պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովի ժամանակ ունեցած ելոյթին մէջ՝ անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան հեռանկարներուն։
«Հարաւային Կովկասը, ուր պիտի տիրեն խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, կարեւոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ ոչ միայն տարածաշրջանի երկիրներուն, այլեւ ամբողջ թիւրքական աշխարհին համար։ Մենք կը զօրակցինք մեր ատրպէյճանցի եղբայրներուն՝ Հայաստանի հետ իրականացուող շփումներուն եւ կը վերահաստատենք, որ պիտի շարունակենք մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ նպաստել կայուն խաղաղութեան հաստատման»,– ըսած է Էրտողան։
Թուրքիոյ նախագահը շեշտած է, որ տարածաշրջանային հակամարտութիւնները ոչ մէկ կողմի օգուտ կը բերեն եւ ծանր հետեւանքներ կ՚ունենան համաշխարհային տնտեսութեան, առեւտուրի ու ուժանիւթի շուկաներու համար։