Գանատայի Բնութեան Հարցերով Պետական Քարտուղար Նաթալի Փրովոյի Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկ

հեղինակ՝
30 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Գանատայի բնութեան հարցերով պետական քարտուղար Նաթալի Փրովոյի պատուիրակութիւնը 29 Հոկտեմբերին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան՝ ՀՀ-ի մէջ Գանատայի դեսպան Ճուլի Քրաուլիի ուղեկցութեամբ։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ Գանատայի խորհրդարանի երեսփոխան Ճէնի Քուան:

ՀՑԹՀ աւագ զբօսավար Մէրի Եղիկեանի ուղեկցութեամբ հիւրերը ծանօթացած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն: Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները գրառումներ կատարած են Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:

Այցի աւարտին ՀՑԹՀ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան պատուիրակութեան անդամներուն նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի պատկերագիրքը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss