Հաճիեւ. Հայաստանի Համար Կը Բանանք Տարբեր Կապուղիներ

հեղինակ՝
30 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնած է, որ Պաքու ընտրած է Հայաստանի հետ յաւերժական խաղաղութեան հաստատման ճանապարհը՝ պատերազմի շարունակութեան փոխարէն։

«Խաղաղութիւնը նուաճելը շատ աւելի դժուար է, քան պատերազմի մէջ յաղթելը։ Այսօր ուրախ եմ, որ ամբողջ Հարաւային Կովկասը համագործակցութեան տարածքի վերածելու ռազմավարութեան ծիրէն ներս մենք յաջողութիւններ կ՚արձանագրենք նաեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ»,- յայտնած է ան։

Հաճիեւ շեշտած է, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ տակաւին կան չսպիացած վէրքեր եւ պատմական յիշողութիւններ, սակայն անհրաժեշտ է կեդրոնանալ ապագային եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման վրայ։

Հաճիեւ նշած է, որ Պաքու Հայաստանին կ՚առաջարկէ միանալ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ցանցին՝ շեշտելով կապուղիներու զարգացման կարեւորութիւնը։ «Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող երկիր է, իսկ մենք կ՚առաջարկենք անոր դառնալ տարածաշրջանի միւս պետութիւններուն հետ կապակցուած երկիր եւ անոր համար կը բանանք տարբեր կապուղիներ»,- ըսած է Հաճիեւ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss