31 Հոկտեմբերին Պահրէյնի մէջ ընթացող «Մանամայի երկխօսութեան» ծիրին մէջ, ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Լիբանանի արտաքին գործերու եւ գաղթականներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած գործընկերութեան հետագայ զարգացման հարցեր։
Բարձր գնահատուած է բազմակողմ հարթակներու վրայ առկայ հարցերու շուրջ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնն ու ցուցաբերուող աջակցութիւնը։
Անդրադարձ կատարուած է առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային համագործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններուն։
Նախարարները միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու շուրջ։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է առկայ խնդիրներու լուծման հարցին մէջ Հայաստանի համերաշխութիւնը եւ տարածաշրջանային կայունութեան ուղղուած միջազգային ճիգերուն աջակցութիւնը։