Միրզոյեան եւ Պահրէյնի ԱԳ Նախարարը Քննարկած Են Երկկողմ Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

հեղինակ՝
31 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

31 Հոկտեմբերին «Մանամայի երկխօսութեան» ծիրին մէջ, ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Պահրէյնի Թագաւորութեան արտաքին գործերու նախարար Ապտ Ալ-Լաթիֆ պըն Ռաշիտ Ալ-Զայեանիի հետ։

Արարատ Միրզոյեան եւ Ապտ Ալ-Լաթիֆ պըն Ռաշիտ Ալ-Զայեանի մանրամասն քննարկած են Հայաստանի եւ Պահրէյնի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները՝ ընդգծելով փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը։

Անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներուն միջեւ արդէն իսկ փոխհամաձայնեցման փուլին մէջ գտնուող միջազգային պայմանագրերու կնքման միջոցով իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, զբօսաշրջութեան աշխուժացման նպաստող հնարաւոր քայլերուն, ինչպէս նաեւ ներդրումներու խրախուսման հնարաւորութիւններուն։

Քննարկուած են բազմակողմ հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան հարցեր, այդ կարգին՝ խաղաղութեան օրակարգի յառաջմղման ծիրին մէջ։

Հանդիպման անդրադարձ կատարուած է Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հետագայ ամրապնդման եւ տնտեսական փոխկապակցուածութեան զարգացման ուղղուած ջանքերը, որոնք նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն տարածաշրջանային համագործակցութեան համար։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ «Մանամայի երկխօսութիւն» եւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» դիւանագիտական համագումարներու միջեւ փոխգործակցութեան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss