«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի թռիչքուղիի եւ ղեկուղիի հատման հատուածին մէջ վերանորոգման աշխատանքներով պայմանաւորուած՝ 2-7 Նոյեմբերին թռիչքներու իրականացման ժամային սահմանափակումներ պիտի գործեն։
Այս մասին յայտնած է «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի հանրային կապերու պատասխանատու Լուսինէ Մողրովեանը։
«2-6 Նոյեմբերին թռիչքներ պիտի չիրականացուին ժամը 09:00-18:00-ն, իսկ 7 Նոյեմբերին՝ ժամը 09:00-15:00։ Մեր թռիչքացուցակին մէջ փոփոխութիւնները արդէն կատարուած են»,- ըսած է ան։