Սարգիս Ստեփանեան՝ Հինգերորդ Անգամ Աշխարհի Ախոյեան

հեղինակ՝
2 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Սարգիս Ստեփանեան Նիւ Տելհիի մէջ ընթացող փարաբազկամարտի (հաշմանդամային բազկամարտ) աշխարհի 28-րդ ախոյեանութեան, մինչեւ 80 քկ քաշային կարգին մէջ, նստած մարզական դասակարգումով, նուաճած է ախոյեանի տիտղոսը։ 

Ան իր Ֆէյսպուքի էջով գրած է. «Եւս մէկ անգամ Հայաստանի քայլերգը հնչեց աշխարհի առաջնութեան պատուոյ հարթակին վրայ, եւ մեր եռագոյնը բարձրացաւ։

Ասիկա իմ հինգերորդ աշխարհի ախոյեանական տիտղոսս է։ Հինգերորդ յաղթանակ, որ կերտուած է տարիներու քրտնաջան աշխատանքի, պայքարի եւ անսասան կամքի շնորհիւ։

Այս յաղթանակս կը նուիրեմ նաեւ հայրիկիս՝ ծննդեան օրուան առթիւ։

Յանուն Հայաստանի պատիւին ու եռագոյնին»,- նշած է ան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss