Կենսաչափական Անձնագրով Սահմանը Պիտի Հատեն Ելեկտրոնային Անցակէտով

հեղինակ՝
2 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

ՀՀ բոլոր պետական սահմանները պէտք է վերահսկուին ՀՀ սահմանապահ համապատասխան ծառայութեան կողմէ»,- յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ 

Ան յիշեցուցած է, որ որոշ անցակէտերու մէջ ՀՀ սահմանապահները վերահսկողութիւն չեն իրականացուցած, սակայն արդէն քանի տարի է՝ բացառապէս ՀՀ սահմանապահ զօրքերն են, որ կը վերահսկեն անցակէտերը։

«Քայլ առ քայլ ՀՀ ամբողջ սահմանի վերահսկողութիւնը պիտի յանձնենք ՀՀ սահմանապահ ծառայութեան, որ պէտք է անցնի բարեփոխումներու ճամբով»։

Ան նաեւ նշած է, որ կենսաչափական անձնագիր ունեցողները յառաջիկային ՀՀ սահմանը կրնան հատել e-gate՝ ելեկտրոնային անցակէտերու միջոցով, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ոեւէ սահմանապահ ծառայողի հետ շփում պիտի չըլլայ։

Յառաջիկային նման հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, ապա՝ բոլոր սահմանային անցակէտերուն մէջ առանց բացառութեան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss