ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտնած է, որ կը փափաքէր առաջադրուիլ նախագահի երրորդ ժամկէտի համար, եթէ ան թոյլատրուած ըլլար ԱՄՆ Սահմանադրութեամբ։ Հարցազրոյցի մը մէջ ան ընդունած է, որ Սահմանադրութեան 22-րդ փոփոխութեամբ սահմանուած սահմանափակումները բաւական խիստ են։
«Կ՚ուզէի կրկին առաջադրուիլ, բայց ձեւակերպումները շատ խիստ են»,- ըսած է Թրամփ՝ պատասխանելով նախագահի պաշտօնին երրորդ անգամ առաջադրուելու հնարաւորութեան մասին հարցումին։
ԱՄՆ Սահմանադրութեան 22-րդ փոփոխութիւնը կ՚արգիլէ նոյն անձին աւելի քան երկու անգամ ընտրուիլ նախագահի պաշտօնին։ Թրամփ բազմիցս անդրադարձած է երրորդ ժամկէտի հնարաւորութեան՝ միաժամանակ ընդունելով սահմանադրական սահմանափակումներու առկայութիւնը։ Հոկտեմբերին ան կրկին յայտնած էր, որ, իր կարծիքով, իրաւունք ունի առաջադրուելու՝ պնդելով, որ յաղթած է նաեւ 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն, որոնց մէջ պարտուած էր Ճօ Պայտընին։
Միեւնոյն ժամանակ, նախագահի պաշտօնին երրորդ ժամկէտի հնարաւորութիւնը թոյլատրելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլար փոփոխութիւն կատարել ԱՄՆ Սահմանադրութեան մէջ։ Անոր համար առաջարկուող փոփոխութիւնը պէտք է ստանար գոնկրէսի երկու պալատներու անդամներուն երկու երրորդին աջակցութիւնը, ապա վաւերացուիլ ԱՄՆ նահանգներուն առնուազն երեք քառորդին կողմէ։