«Մերսետես»-ի վարորդ Անտրէա Քիմի Անթոնելլի Մեքսիքոյի Կրան Փրիին ժամանակէն շուտ նուաճած է «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը։ 20-ամեայ իտալացին ախոյեանութեան աւարտէն չորս փուլ առաջ ապահոված է առաջին տեղը՝ դառնալով մրցաշարքի պատմութեան ամենաերիտասարդ ախոյեանը։
Ասիկա Իտալիոյ չորրորդ անհատական ախոյեանութիւնն է «Ֆորմիւլա-1»-ի մէջ եւ առաջինը՝ 1953 թուականէն իվեր։
Մինչ այդ իտալացիներէն ախոյեան դարձած էին Ճուզեփփէ «Նինօ» Ֆարինան՝ 1950 թուականին, եւ Ալպերթօ Ասքարին, որ տիտղոսը նուաճած էր 1952 եւ 1953 թուականներուն։ Երկրի նախորդ եւ ներկայիս ախոյեանութիւններուն միջեւ 73 տարուան ընդմիջումը «Ֆորմիւլա-1»-ի պատմութեան մէջ մրցանշային է։
Անհատական ախոյեանութիւններու քանակով Իտալիա հաւասարած է Ֆինլանտային, Աւստրալիոյ, Աւստրիոյ, Ֆրանսային եւ Հոլանտային։
Բացի ատկէ, Անթոնելլի դարձած է առաջին իտալացի վարորդը, որ ախոյեանական տիտղոս նուաճած է արտասահմանեան արտադրութեան մեքենայով։ Ֆարինա ախոյեան դարձած էր «Ալֆա Ռոմէօ»-ով, իսկ Ասքարին՝ «Ֆերարի»-ով։