Փաշինեան. Մեր Նպատակը ԵՄ Թեկնածու Պետութիւն Ըլլալը Չէ, Լիարժէք Անդամ Ըլլալն Է

հեղինակ՝
3 Նոյեմբերի 2026
6 ր. ընթերցում

«Հայաստանը չի պատրաստուիր ուրիշ բան դառնալու։ Հայաստանը Հայաստան է, եւ Հայաստանը աւելի ու աւելի պիտի ըլլայ Հայաստան, պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութիւն»։ Այդ մասին Euronews-ին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ արձագանգելով Հայաստանի՝ «նոր Ուքրանիա» դառնալու վերաբերեալ Ռուսաստանի պաշտօնեային յայտարարութեան։

«Ես նկատի ունիմ անկախութեան մակարդակը․ մեր նպատակն է ամրապնդել, զարգացնել մեր անկախութիւնը, եւ այդ իրաւաչափ, օրինական նպատակ է։ Ոչ ոք կրնայ Հայաստանը մեղադրել անոր համար, որ Հայաստանը ունի յաւակնութիւն, ձգտում՝ ըլլալու աւելի անկախ, ըլլալու աւելի ինքնիշխան, ըլլալու աւելի ներգրաւուած պետութիւն, եւ, ի միջի այլոց, շատ կարեւոր նրբութիւն կայ, որ կ՚ուզէի ձեզի ներկայացնել։

Մեր քաղաքականութեան մէջ, երբ մենք կը խորացնենք մեր համագործակցութիւնը Եւրոպական միութեան հետ, շատ կարեւոր է, որ այս քաղաքականութեան արդիւնքով մեր տարածաշրջանէն չկտրուինք, քանի որ հիմա տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը մեր երկրի առաջնահերթութիւններէն մէկն է։ Քանի որ մեր անկախութեան ընթացքին ունեցանք հակամարտութիւն Ատրպէյճանի հետ, ունեցանք կամ ունինք բարդ յարաբերութիւններ կամ յարաբերութիւններու բացակայութիւն Թուրքիոյ հետ։ Ի հարկէ, միշտ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունեցած ենք Վրաստանի հետ, Իրանի հետ։ Սակայն եղած են եւ կը մնան որոշ սահմանափակումներ՝ կապուած միջազգային պատժամիջոցներու հետ եւ այլն, բայց, գիտէք, մենք Հայաստանը չենք տեսներ մեր տարածաշրջանէն դուրս, որովհետեւ մեր եւրոպական քաղաքականութիւնը մեզի համար գործիք կամ միջոց չէ կտրուելու կա՛մ քաղաքականապէս, կա՛մ հոգեբանօրէն, կա՛մ տնտեսապէս առանձնանալու մեր տարածաշրջանէն։

Հակառակը, եւ, ի հարկէ, մենք շատ ուրախ ենք, ու շատ կարեւոր նրբութիւն մը կայ, որ երբեմն մենք չենք տեսներ. մեր չորս հարեւաններէն երկուքը Եւրոպական միութեան թեկնածու պետութիւններ են՝ Թուրքիան եւ Վրաստանը։ Եւ ատիկա առաւելութիւն է, օգուտ է մեր եւրոպական քաղաքականութեան համար։

Յուսանք՝ Հայաստանը պիտի ըլլայ երրորդ թեկնածու պետութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ։ Բայց, ի հարկէ, մեր նպատակը թեկնածու ըլլալը չէ, բնականաբար, լիարժէք անդամ ըլլալն է»,- ըսաւ վարչապետը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss