Թեհրանի Հրթիռները Կրնան Հասնիլ Նաեւ Եւրոպա․ Իրանի Արտաքին Գործերու Նախկին Նախարար

հեղինակ՝
3 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Իրանի խորհրդարանի՝ Մեճլիսի գործող երեսփոխան, երկրի արտաքին գործերու նախկին նախարար (2005-2010) Մանուչեհր Մոթաքի Եւրոպան նախազգուշացուցած է Թեհրանի դէմ պատերազմին մասնակցելու հետեւանքներուն մասին։

Երեսփոխանը Արեւմուտքի երկիրները, այդ կարգին՝ Մեծն Բրիտանիան, Գերմանիան, Իտալիան եւ Փորթուկալը, մեղադրած է իրենց ռազմական խարիսխները ամերիկեան կործանիչներուն տրամադրելուն համար։ Անոր խօսքով՝ այդ կործանիչները գործածուած են Իրանի ժողովուրդին դէմ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով։

Ան ԱՄՆ-ին աջակցած երկիրներէն պահանջած է ներողութիւն խնդրել Իրանի ժողովուրդէն, նշելով որ Թեհրանի հրթիռները կրնան հասնիլ նաեւ Եւրոպա։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss