Փաշինեան. Հայաստանի Քաղաքացիները Պիտի որոշեն՝ Մնա՞լ ԵԱՏՄ-ի մէջ, թէ՞ ԵՄ-ին անդամակցիլ

հեղինակ՝
3 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

«Գիտէք՝ հնարաւոր չէ Եւրոպական միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ ըլլալ միաժամանակ։ Եւ մենք գիտենք, եւ ես հրապարակաւ այդ մասին ըսած եմ, որ մենք կը հասկնանք, որ ապագային ինչ-որ պահի Հայաստանը պէտք պիտի ունենայ ընտրութիւն կատարել, բայց մինչ այդ մենք պէտք է այլընտրանքներ ստեղծենք, իրական քաղաքական հարց ուղղենք մեր ժողովուրդին»։ Այդ մասին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «ԵՄ ընդլայնման գագաթաժողով 2026»-ի ծիրէն ներս, պատասխանելով Euronews-ին։

«Եւ Հայաստանի քաղաքացիները պիտի որոշեն՝ արդեօք անոնք կ՚ուզեն մնալ Եւրասիական տնտեսական միութեա՞ն մէջ, թէ՞ կ՚ուզեն Եւրոպական միութեան անդամակցիլ։ Այսինքն՝ մենք կը ստեղծենք այլընտրանք, որպէսզի հնարաւորութիւն ստեղծենք մեր ժողովուրդին համար, եւ՛ մարդիկ, եւ՛ ժողովուրդը ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւն ունենան։ Եւ ատիկա հերթական վկայութիւնն է ըսածիս, որ ժողովրդավարութիւնը մեզի համար ռազմավարութիւն է, եւ մենք կ՚ուզենք, որ մեր ժողովուրդը ունենայ հնարաւորութիւն կատարելու ընտրութիւն, կատարելու ժողովրդավարական ընտրութիւն»,– նշած է վարչապետը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss