3 Նոյեմբերին Վրաստանի պաշտպանական ուժերու հրամանատար, զօրավար-լեյթենանթ Կիորկի Մաթիաշէիլի այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցած է զոհերու յիշատակին։
Զօրավար-լեյթենանթը ծաղկեպսակ դրած է յուշակոթողին եւ ծաղիկներ խոնարհած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ։