Պարտադի՞ր Է Փոխարինել Գործող Փաստաթուղթերը Նոր Անձնագիր Ստանալու համար

հեղինակ՝
3 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Պարտադի՞ր է փոխարինել գործող փաստաթուղթերը, ի՞նչ ընել, եթէ հին անձնագիրին մէջ վիզա կայ, նոր անձնագիր ստանալու համար պարտադի՞ր է նոյնականացման քարտ ունենալը։

Ներքին գործերու նախարարութեան էջին տեղադրուած տեսանիւթին մէջ այս հարցերուն անդրադարձած է նախարարի մամուլի քարտուղար Նարեկ Սարգսեանը։

«Ձեր փաստաթուղթերը կը շարունակեն վաւեր մնալ մինչեւ անոնց ժամկէտի աւարտը։ Բայց եթէ ունիք հին կապոյտ անձնագիր եւ կ’ուզէք ստանալ նոր կարմիր կենսաչափական անձնագիր, կրնաք դիմել եւ ստանալ զայն։ Պարզապէս յիշեցէք՝ նոր անձնագիր ստանալէ ետք հինը կը դառնայ անվաւեր։ Ան պիտի դակուի եւ վերադարձուի Ձեզի։

Իսկ ի՞նչ ընել, եթէ հին անձնագիրին մէջ գործող վիզա ունիք։ Վիզան կը շարունակէ գործել։ Պարզապէս ճամբորդելու ատեն Ձեզի հետ պէտք է ունենաք ե՛ւ նոր անձնագիրը, ե՛ւ հինը, որուն մէջ առկայ է վիզան՝ նկատի առնելով նաեւ տուեալ երկրի մուտքի կանոնները։

Նոր կենսաչափական անձնագիր ստանալու համար պարտադի՞ր է նոյնականացման քարտ ունենալը։ Այո՛, 16 տարին լրացած քաղաքացիներու համար այն պարտադիր է, իսկ մինչեւ 16 տարեկաններու համար՝ ոչ։ Իսկ եթէ նոյնականացման քարտը հին նմուշի է, խնդիր չկայ․ եթէ ան վաւեր է, փոխարինելու կարիք չկայ։ Պարզապէս Ձեր վաւեր նոյնականացման քարտով աշխուժացուցէք խիստ նոյնականացումը, որպէսզի նախագրանցումը աւելի դիւրին ըլլայ»,- ըսած է Նարեկ Սարգսեան՝ նշելով, որ ՆԳՆ-ի իրազեկումները շարունակական պիտի ըլլան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss