Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը նպաստած է Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի բարելաւման։
«Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը բարելաւման միտում ունի։ Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու տարածաշրջանին մէջ փաստացի խաղաղութեան հաստատումը իրենց արդիւնքները կու տան»,- ըսած է ան ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու XIV տարեկան հանդիպման ժամանակ։
Շոյկուի խօսքով՝ մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, որուն վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնները ձեռք բերուած էին աշխատանքային խումբի շրջանակին մէջ։