Գալիֆորնիոյ մէջ, Նոյեմբեր 15-ին, անվճար հասանելիութիւն պիտի բացուի Հայոց ցեղասպանության հետազոտող Վահագն Տատրեանի թուային արխիւին:
Շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ․ յայտնած է Գալիֆորնիոյ համալսարանը։
Հաւաքածոն կը ներառէ աւելի քան 100 հազար էջ փաստաթուղթեր, նամակագրութիւններ, չհրատարակուած ձեռագրեր եւ հետազօտական աշխատանքներ։ Անոնց թուայնացումը տեւած է 16 տարի։
Արխիւը հասանելի պիտի ըլլայ օգտատէրերուն ամբողջ աշխարհին մէջ։