Պրիւքսէլի մէջ կայացող ԵՄ-Հայաստան քաղաքացիական հասարակութեան հարթակի 9-րդ հանդիպման ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան տեսաուղերձի միջոցով հանդէս եկաւ բացման խօսքով։
Տեսաուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.
«Շնորհակալ եմ հրաւէրին համար եւ կը վերահաստատեմ մեր պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստան-ԵՄ քաղաքացիական հասարակութեան հարթակի հետ շարունակելու կառուցողական եւ հաստատութենական երկխօսութիւնը։
2026 թուականը նշանակալի փուլ է ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու խորացման առումով։ Նախ կ՚ուզէի ընդգծել, որ մեր համագործակցութեան հիմքին մէջ դրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կը շարունակէ առանցքային դեր ունենալ ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ ոլորտային համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ։
Իր հերթին Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգը նոր թափ կը հաղորդէ այս համագործակցութեան՝ Համաձայնագիրը դիտարկելով որպէս երկրի արդիականացման ուղղուած բարեփոխումներու ծրագիր։
Վստահ եմ, որ քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ այս տարի Երեւանի մէջ կայացած Հայաստան-ԵՄ առաջին գագաթաժողովին։ Պատմական այս իրադարձութեան արդիւնքներով ընդունուած համատեղ յայտարարութիւնը վերահաստատեց Հայաստանի ինքնիշխանութեան, դիմակայունութեան եւ բարեփոխումներու օրակարգին ԵՄ-ի աջակցութեան յանձնառութիւնը։
Ի հարկէ, մեր ձեռքբերումներու արդիւնաւէտ իրականացումը կը պահանջէ շարունակական աշխատանք, թափանցիկութիւն, բարեփոխումներու մշտադիտարկում եւ հանրային հաշուետուողականութեան ամրապնդում։ Այս համածիրին մէջ կ՚ուզէի առանձնակի կարեւորել ԵՄ-Հայաստան քաղաքացիական հասարակութեան հարթակի դերակատարութիւնը՝ որպէս Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրով նախատեսուած հաստատութենական մեխանիզմի։ Ձեր մասնագիտական կարծիքները եւ զեկոյցները մեծապէս օգտակար են խնդիրներու բացայայտման, յառաջընթացի գնահատման, լուծումներու եւ հետագայ անելիքներու նախանշման գործին մէջ»։