Թուրքիա աւարտած է Հայաստանի հետ սահմանին երկաթուղային եւ ինքնաշարժային անցակէտերու բացման համար անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքները։ Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու։
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ան յայտնած է, որ հարցը քննարկած է նաեւ Հայաստանի իր գործընկերոջ հետ։
Նախարարին խօսքով՝ նախապատրաստական աշխատանքները իրականացուած են ինչպէս երկաթուղային անցակէտի, այնպէս ալ Ալիճանի ինքնաշարժային սահմանային անցակէտի գործարկման ուղղութեամբ։
Ուրալօղլու նշած է, որ Ատրպէյճանի համար կարեւոր հարցերը նկատի առնող համաձայնութեան ձեռքբերման պարագային սահմանային անցակէտերու բացման գործընթացը երկար պիտի չտեւէ։
Ան յոյս յայտնած է, որ անցակէտերը պիտի բացուին յառաջիկային։