«Հայաստան պետութիւնը եւ ՀՀ վարչապետ պարոն Փաշինեանը մեզի համար վստահելի են, եւ մենք կապի մէջ ենք իրենց հետ»։
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Իրանի փոխնախագահ Սեյիտ Համիտ Փուրմոհամատին, որ նախօրէին Հայաստան կը գտնուէր։
Հարցումին՝ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը կը շարունակէ՞ կարմիր գիծ ըլլալ Իրանի համար, ան պատասխանած է․ «Ես տնտեսական ոլորտի պատասխանատու եմ, քաղաքական հարցերը՝ քաղաքական պատասխանատուներուն հետ»։