Հայաստանը, չնայած ՀԱՊԿ-ի մէջ իր մասնակցութեան փաստացի սառեցումին, ԱՊՀ-էն դուրս գալու հարց չէ բարձրացուցած։ Այդ մասին յայտնած է ԱՊՀ գլխաւոր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ։
«Ո՛չ։ Անձամբ վարչապետը ինծի ըսած է, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ղեկավարութեան բազմաթիւ այլ ներկայացուցիչներ, որ իրենք կը շարունակեն մնալ ԱՊՀ կազմին մէջ։ Մենք ոչ մէկ յայտարարութիւն չենք լսած այն մասին, որ Հայաստանը կը պատրաստուի դուրս գալու կազմակերպութենէն», — ըսած է Լեպետեւ՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Երեւանը յայտարարա՞ծ է ԱՊՀ-էն դուրս գալու ցանկութեան մասին։