Միրզոյեան Եգիպտոսի ԱԳ Նախարարին Հետ Քննարկած Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Համագործակցութեան Ընդլայնման Հարցեր

հեղինակ՝
1 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

«Մանամայի երկխօսութեան» միջազգային համագումարի ծիրին մէջ, ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի արտաքին գործերու, միջազգային համագործակցութեան եւ արտերկրի մէջ բնակող եգիպտացիներու հարցերով նախարար Պատր Ապտըլ Աաթիի հետ։

Նախարարները քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման հարցեր, այդ կարգին՝ առեւտրատնտեսական կապերու խթանման ուղղուած հնարաւոր քայլերը։

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ։ Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատութենականացման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը՝ կարեւորելով նաեւ խաղաղութեան օրակարգի հետեւողական յառաջմղման հարցով միջազգային գործընկերներու կառուցողական դերակատարութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է բազմակողմ հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան հարցերուն։

Զրուցակիցները քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումները եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած ճիգերը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss